ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՌՑԱՆՑ ԲԵՄԻ ՄԵԿՆԱՐԿ – WWW.H-PEM.COM

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

 

Համազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ ձեւով իրագործելու նպատակով՝ 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը ընդգծած էր անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու արդիական շունչով առցանց  բեմ մը՝ հասնելու համար սփիւռքահայութեան, յատկապէս՝ երիտասարդութեան: Մանրամասն ծրագրումէ եւ գործնական աշխատանքներէ ետք h-pem.com‑ը հանրութեան հասանելի դարձաւ 13 Մայիս 2019-ին։

Համազգայինի առցանց բեմին թիրախն է հասնիլ սփիւռքահայ համայնքներուն, կապ եւ լեզու ստեղծել՝ յարաբերելու համար հայերէնէն, հայկականէն եւ հայութենէն հեռացող բազմութիւններուն հետ, մասնաւորաբար՝ նոր սերունդներուն հետ, զանոնք հայ մշակոյթին եւ հայութեան երթին մօտեցնելու հեռանկարով։

Առցանց բեմը կը միտի զարգացնել եւ ամրացնել սփիւռքահայ երիտասարդութիւն-հայրենիք կապը, ինչպէս նաեւ հայկական օճախներու եւ հայրենիքի երիտասարդութեան պիտի ընձեռէ կապի եւ հաղորդակցութեան միջոցներ:

Նշուած նպատակները պիտի իրագործուին, մասնակցողական եւ յստակ թիրախի նպատակաուղղուած ոճով, արհեստավարժ մակարդակի ձգտումով, հայ մշակոյթը եւ ստեղծագործ հայ տիպարները արժեւորելով համամարդկային եւ համաշխարհային մշակոյթի պարունակին մէջ։

Իբրեւ գլխաւոր լեզու անգլերէնի գործածութիւնը անխուսափելի կարիք է։ Պիտի հաղորդակցինք շատերուն հասկնալի անգլերէնով, որպէսզի զանոնք մօտեցնենք հայ մշակոյթին եւ հայութեան: Բեմին առաքելութիւններէն մէկը կը մնայ հայերէնը տարածել իբրեւ հաճելի եւ բոլորին կողմէ գործածելի լեզու։

H-Pem-ը պիտի ձգտի.

  • ծանօթացնել հայ մշակոյթը իր հայաստանեան եւ սփիւռքեան երեսներով,
  • ներկայացնել մշակութային արժէքներ, գործեր եւ նախաձեռնութիւններ,
  • տրամադրել հանդիպման, վիճարկումի եւ սեփական գործեր ներկայացնելու վայր,
  • իրականացնել մշակութային գործակցութիւններ եւ կենդանի սփռումներ:

H-Pem-ը համահայկական ձեռնարկ է։ Համազգայինը նախաձեռնած է այս դժուար բայց կենսական գործին՝ գիտակցելով անոր անյետաձգելի պահանջին, այն համոզումով, թէ գոյութիւն ունի ձուլումի ենթակայ սերունդներուն եւ հայկական արմատներու գիտակցութեամբ գոյատեւող սերունդներուն միջեւ սփիւռքահայերու խաւ մը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ աստիճանաբար հասնիլ հայութենէ հեռացող զանգուածներուն։

Բեմին աշխարհատարած հասողութեան ձգտումը եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը մեզի կը ներշնչէ խանդավառութիւնը կառուցելու բազմաշերտ եւ ընկալելի բեմ մը, որ դառնայ սկիզբը մշակութային  վերազարթօնքի մը, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ, ուր ազգային ինքնութեան կորուստը սուր կերպով կը զգացնէ  մշակութային վերածնունդի անհրաժեշտութիւնը։

Ձեզ կը  հրաւիրենք դառնալու h-pem‑ի հաւաքականութեան անդամները,  զայն տարածելու՝ ընտանեկան, բարեկամական եւ միութենական շրջանակներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային ցանցերու վրայ, օգտագործելով հետեւեալ հասցէները։

Website։ www.h-pem.com

Instagram: @hpemonline

Facebook: H-Pem կամ facebook.com/hpemonline

Twitter: @hpemonline

 

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւն

Պէյրութ, 16 Մայիս 2019

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles